Խոսում են համախոհները․ Սոսի Գևոնեան` սոցիոլոգ

18-05-2018

Երբ որ ես իմ աշխատանքի, որպէս ինտերիէր-դիզայնէր, յաճախորդներ ունեցայ, անանկ ալ անչափ ազնիւ, անչափ յարգանքով, անչափ սիրալիր մարդիկ եղած են, այդպէս որ ես ինծի համար երբ գէյ կ’ըսեին, աղուոր, լաւ, հաճելի մարդիկ են, այդպէս կը պատկերացնէի, մինչեւ այն ատեն, որ այդ աշխատանքի մարզէն ելայ, եւ ուզեցի սոցիալական աշխատանքի մէջ մտնալ, եւ սկսայ սոցիալական աշխատանք տանիլ եւ այս անգամ Լոս-Անջէլոսի մեծ հիւանդանոցի մէջ հոգեբուժական մասնաճիւղ կար, այնտեղ սկսայ աշխատիլ եւ այնտեղ նորէն հանդիպեցայ միասեռականներին։

Իմ հիւանդները, որ նոյնիսկ անձնասպանութիւն փորձուած են ընել, եւ այնտեղ ես նորեն անդրադարձայ, որ այս ժողովուրդը, այս անձերը այդ ուրախ մարդիկը չեն, իրենք իրենց տրավմաներն ունին, պրոբլեմներն ունին: Մտայնութիւնը կայ, որ իրենք շեղուած են զեխ կեանքի պատճառէն, ես հասկցայ, որ ոչ պարզապէս Աստծոյ ստեղծածն է եւ իրենք կազմաւորուած են մօր արգանդի մէջ, որ եթէ իգական աւելի հակում պիտի ունենան, արական հակում պիտի ունենան։

Եւ ես շատ վիճաբանութիւներ ունեցած եմ այս հարցին շուրջ, երբ ես պաշտպանել փորձած եմ, որովհետեւ նոյնիսկ Ամերիկային մէջ կ’ըսեմ, որ ազատ մտածողները չեն, բայց ընդհանրապէս հայկական շրջանակի մէջ շատ հակառակը կը խօսին, եւ ինձ Աստուածաշունչն ալ օրինակ կը բերեն, որ Աստուածաշնչին մէջ ալ անոնց մասին գրուած է, ես ալ կ’ըսէի, որ Աստուածաշունչը ուրիշ բաներ ալ կ’ըսէ, որ ուրիշին կինը պէտք է չսիրես, որ գողութիւն պէտք է չ’ընես, չարաշահում պիտի չ’ընես, այդ բաներն ինչու չէք դատապարտեր։

Բայց անշուշտ ամէն մարդու չես կրնար պարտադրել, որ հոմոֆոբ չըլլան, եւ կարեւոր, որ միտքերնու մէջ կը մնայ, որ ասիկա շեղուածութիւն չէ։ Աստեղ անցեալները մէկու հետ կը խօսէի, որ ասանկ բան պիտի ըլլայ, եւ սրանք ըսին, որ այս մարդկանց պէտք է գիւլլեն, պիտի սպաննել, ըսի, որ ոչ, բացատրեցի եւ ըսին, որ լաւ, այսուհետեւ այս մասին քու առջեւդ չպիտի հայհոյեն։

Եւ անիկա մէկ քայլ մը ինծի համար բան մը եղաւ, յաջողութիւն եղաւ, որ  այս մասին աւելի շատ ազատ  մտածողներ պիտի ըլլան։ Եւ ինծի համար քամինգ աութ մը եղաւ եւ հասկցայ, որ Շառլ Ազնաւուրի երգի իմաստը հասկցայ, երբ որ կ’երգէ ինծի մի արարիչից այլաբան արէք, որովհետեւ ինքը ինձ այսպէս ստեղծած է։

Սույն նյութը պատրաստվել է «Համախոհները գործողության մեջ» ծրագրի շրջանակներում` Սի-Օ-Սի Նիդերլանդների և ԻԼԳԱ Եվրոպայի ֆինանսական աջակցությամբ: